Jump to content

Մեխակ

Մեխակ, հայերէն Խաղամ, (լատ.՝ Diánthus), մեխակազգիներու ընտանիքի միամեայ կամ բազմամեայ խոտերու, հազուադէպ՝ կիսաթուփերու ցեղ։

Կենսաբանական նկարագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բուսաբանական նկարագրութիւն

Ցօղունը հանգուցաւոր է, բարձրութիւնը՝ մինչեւ 70 սմ։ Տերեւները հակադիր են, ամբողջական, գծաձեւ կամ նշտարաձեւ։ Տեսակներուն մեծ մասին ցօղունը եւ տերեւները գորշ կապտաւուն երանգ ունին։ Ծաղկաբոյլը գագաթնածաղկող է, երբեմն՝ գլխիկով։ Ծաղիկները երկսեռ են (յաճախ՝ մէկական), ծոպաւոր, սպիտակ, վարդագոյն, կարմիր, ծիրանագոյն, դեղնականաչաւուն եւ այլն։ Կը ծաղկի Մայիսէն Օգոստոս ամիսներուն։ Պտուղը երկարաւուն, միաբուն, բազմասերմ տուփիկ մըն է։ Սերմերը սեւ են, մանր, տափակ։

Դաշտային մեխակը եւ մեխակի ծառը նոյնը չեն: Որոշ պարագաներու, բուժումներու մէջ անոնց օգտագործումը կը համընկնի, օրինակ՝ պաղարութեան կամ նեարդային լարուածութեան պարագային, իբրեւ ցաւազրկիչ օգտագործելու պարագային, սակայն կազմութեամբ անոնք տարբեր են: Պէտք է նշել նաեւ, որ դաշտային մեխակը կ'աճի գրեթէ ամէնուր, ինչպէս նաեւ՝ Սիպերիոյ մէջ, իսկ մեխակի ծառը կը սիրէ արեւադարձային կլիմայ[1]:

Մեխակին յատկութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեխակին քիմիական կազմը շատ մեծ է։ Անոր օգտակար յատկութիւնները կը բացատրուին կենսանիւթերու, հանքանիւթերու եւ եթերային իւղերու մեծ պարունակութեամբ։

Մեխակին կոկոնները կը պարունակեն` А, В խումբի (В1, В2, В3 կամ РР, В4, В6, В9), С , Е եւ К կենսանիւթեր։ Մեխակը կը պարունակէ օգտակար հանքանիւթեր` կրածին, նատրոն, փոսփոր, երկաթ, մագնէս, պղինձ եւ զինկ։

Մեխակը կը պարունակէ նաեւ Օմեկա-3 եւ Օմեկա-6 չյագեցած ճարպաթթուներ։

Մեխակին բուժիչ յատկութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեխակը կարելի է օգտագործել իբրեւ դեղամիջոց.

  • Մանրէազերծ,
  • հակասնկային,
  • ցաւազրկող,
  • վէրքը դարմանող,
  • հակաքաղցկեղային,
  • մեխակը կ'օգտագործուի նաեւ հաստ աղիքի բորոբոքման, եւ լեարդի հիւանդութիւններու բուժման համար[2]։

Կարելի է հանդիպիլ Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ։ Ծանօթ է շուրջ 300 տեսակ, Հայաստանի մէջ՝ 18։ Տարածուած է Արագածոտնի, Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ այլ մարզերու մէջ։ Կ'աճի չոր, քարքարոտ լանջերուն, աւազոտ վայրերու մէջ, կիսաանապատներու, լեռնատափաստաններու, ալպեան եւ ենթալպեան մարգագետիններու մէջ։ Մշակութեան մէջ տարածուած են շատ գեղազարդիչ տեսակներ (պարտէզային, չինական, հոլանտական), որոնք կը կիրարկուին ծաղկաբուծութեան մէջ։

Մեխակի կարգ մը տեսակներ կ'օգտագործուին իբրեւ դեղաբոյսեր։

Մեխակի համեմունք կամ գամեր
  • Մեխակ Քուռիին (D. cyri) կարելի է հանդիպիլ Արարատեան գոգաւորութեան (Վեդիի եւ Ուրցաձոր գիւղին միջեւ) չոր, աւազոտ գետափերուն եւ միջին լեռներու, գօտիներու մարգագետիններուն մէջ,
  • Մեխակ անհրապոյրը՝ Սիւնիքի մարզի (Շուանիձոր գետին շրջակայքը եւ Խաթաբան լերան վրայ) միջին լերան, գօտիին քարքարոտ լանջերուն,
  • Մեխակ Լիբանանին (D. libanotis)՝ Երեւանի (հլկասար, Վեգի եւ Ուրցաձոր) եւ Վայոց ձորի (Արենի գիւղ) ծաղկաւէտ շրջաններու ստորին եւ միջին լեռնային գօտիներու չոր, կաւային լանջերուն,
  • Մանրածաղիկ մեխակ՝ Վայոց ձորի մարզի (Խաչիկ եւ Գեւիշիկ գիւղերու միջեւ) միջին լեռնային գօտիի չոր, քարքարոտ լանջերուն։ Այս տեսակները գրանցուած են Հայաստանի Կարմիր գիրքին մէջ։

Մեխակի բազմաթիւ տեսակներ (պարտէզային կամ հոլանտկան Մեխակ, մօրուքաւոր կամ տաճկական Մեխակ, փետրաձեւ Մեխակ եւ այլն) կը մշակուին հին ժամանակներէ ի վեր․ ծանօթ են բազմաթիւ արժէքաւոր պարտէզային ձեւեր եւ տեսակեր։ Մեխակ կը կոչուի նաեւ մեխակածառի չորցած ծաղկակոկոններէ ստացուող համեմունքը կամ՝ գամերը։

Մեխակի գամերու օգտագործումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ակռայի ցաւի պարագային, կարելի է մեխակի գամ մը տեղաւորել վրան, ի հարկին ճզմել զայն եւ շատ չանցած ցաւը կը մեղմանայ:
  • Մեխակի գամերը կը հեռացնեն ցեցերը: Թիւլէ ծրարիկներու մէջ կարելի է մեխակի գամ լեցնել, ապա զանոնք զետեղել հագուստի պահարանին դարաններուն վրայ կամ գզրոցներուն մէջ:
  • Կոկորդի ցաւի պարագային, գաւաթի մը մէջ եռացած ջուր լեցնել, դգալ մը մեղր, դգալ մը կիտրոնի հիւթ եւ քանի մը մեխակի գամ աւելցնել. բոլորը միատեղ խառնել եւ խմել:
  • Խոհանոցին անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել` մէջը 5 – 10 մեխակի գամ աւելցնելով:
  • Ճանճի բոլոր տեսակները հեռու պահելու համար կիտրոնը երկուքի կիսել, կիսուած բաժինը մեխակի գամերով ծածկել, ապա զանոնք զետեղել պատուհանի եզրին, պատշգամը կամ պարտէզը[3]:
  • Յօդային կամ մկանային ցաւերէ տառապողները գաւաթ մը եռացած ջուրի մէջ քանի մը մեխակի գամ նետելով կրնան տաք-տաք խմել[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]